Ռէալ Մատրիտի այժմու մարզիչ, իտալացի Քարլօ Անչելոթթի կը նկատուի Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնելու գլխաւոր թեկնածուն, այս մասին յայտնեց պրազիլական մարզական մամուլը:
Պրազիլի մարզիչ Թիթէ ներկայացուց իր հրաժարականը, երբ անոր կազմը դուրս մնաց 2022-ի Մոնտիալէն, պարտուելէ ետք Խրուաթիայէն:
Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, 63 տարեկան Անչելոթթի համաձայն գտնուած է ստանձնելու այս պաշտօնը, մանաւանդ որ անոր պայմանագրութիւնը` արքայական ակումբին հետ, վերջ կը գտնէ այս տարեշրջանի աւարտին:
Սակայն նշենք, որ նախքան անոր թեկնածութեան առաջադրումը, Անչելոթթի ըսած էր, որ Ռէալ Մատրիտի հետ իր պայմանագրութեան աւարտը պիտի ըլլայ նաեւ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին աւարտը:


