Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 10-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ մրցեցաւ Աթլասի դէմ, անոր դէմ արձանագրեց 85-76 արդիւնքով բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը (24-15, 24-25, 17-18 եւ 20-18):
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն քաջալերելու եկած էին մեծաթիւ համակիրներ, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ տիրական ներկայութիւն մը եղան դաշտին մէջ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբի պատասխանատու Րաֆֆի Խիւտավերտեան այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց բարերար Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան ամոլը:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, առաջին իսկ քորթըրէն սկսեալ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները մրցումը առին իրենց տիրապետութեան տակ:
Այսպիսով, Ռըզքալլա Զալլումը փոխարինած Մարքօ Ֆիլիփովիչ յաջողեցաւ արձանագրել իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` իր կատարած երկրորդ մրցումին ընթացքին:
ՀՄԸՄ-էն Ճեսսի Ճոնզ նշանակեց 34 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ):
Ճերըտ Շոն փոխարինած Ճոշուա Քալտուել նշանակեց 31 կէտ, մինչ Տանիել Պաղտատեան (խմբապետ) նշանակեց 8 կէտ եւ կատարեց 11 ռիպաունտ:
Հիւր կազմէն տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ Մայլզ Քարթըր (17 կէտ, 14 ռիպաունտ):
Այսպիսով, ՀՄԸՄ Պէյրութ Հուփսի, Անդրանիկ Պէյրութի եւ Աթլասի նման արձանագրեց տարեշրջանի իր երրորդ յաղթանակը` եօթը պարտութեան կողքին:
ՀՄԸՄ-Աթլաս մրցումին իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի, Զիատ Թաննուս եւ Քլոտ Ապի Ժըպրայել:
Նշենք, որ երթի 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութի մրցակիցը պիտի ըլլայ Անդրանիկ Պէյրութ:


