Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ որոշեց շարունակել իր ելոյթները հաւաքականին հետ, այս մասին յայտնեց փորթուգալեան մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ ան որոշեց իր մասնակցութիւնը բերել «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան:
Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի եւ ազգային խումբի մարզիչ Ֆերնանտօ Սանթոսի յարաբերութիւնները վերջին շրջանին այդքան ալ լաւ չէին, եւ անոնց երկուքին միջեւ լարուածութիւն մը գոյութիւն ունէր:
Նշենք նաեւ, որ 37 տարեկան Ռոնալտոյի մարզավիճակը այդքան ալ լաւ վիճակի մէջ չըլլալուն պատճառով, ան քանի մը մրցումի, իր մարզիչին կողմէ նկատի առնուեցաւ իբրեւ պահեստի մարզիկ` Քաթար-2022-ի Մոնտիալին ընթացքին:


