«ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի խառն մենամարտերու ազրպէյճանցի մարտիկ Վուկար Պախշիեւ, Գերմանիոյ Ֆրանքֆորթ քաղաքին մէջ սպաննուեցաւ` զինուած յարձակման պատճառով, այս մասին յայտնեց ռուսական «Սփութնիք»-ը:
Յանցագործը, որ 40 տարեկան անձ մըն է, կրակած է ատրճանակով եւ ապա ձերբակալուած ոստիկանութեան կողմէ:
Յանցագործին անունը կամ սպանութեան պատճառը ցարդ յստակ չէ:
Պախշիեւ, որ 37 տարեկան էր, «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի գծով ցարդ կատարած էր 28 մենամարտ եւ արձանագրած 17 յաղթանակ:


