Լոնտոնեան Թոթենհամ ֆութպոլի ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ խումբի գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէին:
Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, նախնական բանակցութիւնները արդէն իսկ սկսած են երկու կողմերուն միջեւ:
Կը նշուի, որ անգլիական ակումբին ղեկավարութիւնը երկարաժամկէտ պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ 53 տարեկան իտալացի մասնագէտին:
Քոնթէ, որ 2021-էն ի վեր կը գլխաւորէ Թոթեհամը, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը պայմանագրութիւն մը ստորագրած է խումբին հետ:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») ընթացիկ տարեշրջանին, Թոթենհամ 15-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 29 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման չորրորդ դիրքը:


