Ինչպէս ծանօթ է, 2024-ին Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենան ողիմպիական խաղերը:
Միացեալ Նահանգներու ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Սիւզաննա Լայընս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ համամիտ է այն գաղափարին, որ Ռուսիոյ մարզիկները մասնակցին անոր:
Վերջերս զուիցերիական Լոզան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային ողիմպիական կոմիտէի համագումարին շատերու կարծիքը այն էր, որ Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մարզիկներուն դէմ սահմանուած պատժամիջոցները պէտք է մնան ի զօրու, եւ անոնք իրենց ելոյթները կատարեն` ողիմպիականի անունին տակ:


