 Քաթարի մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին իրարու դէմ մրցեցան աշխարհի գործող ախոյեանը` Ֆրանսա եւ մրցաշարքին անակնկալ խումբը` Մարոք:
Քաթարի մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին իրարու դէմ մրցեցան աշխարհի գործող ախոյեանը` Ֆրանսա եւ մրցաշարքին անակնկալ խումբը` Մարոք:
«Պէյթ» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, որուն ներկայ եղաւ աւելի քան 68 հազար հանդիսատես, Ֆրանսա արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, յաջորդաբար երկրորդ Մոնտիալն ըլլալով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, 55 հազար համակիրները մարոքցիներ էին:
 Մրցումին 5-րդ վայրկեանին, յետսապահ Թէօ Հերնանտեզ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, մինչ 79-րդ վայրկեանին անոր խմբակից` Ռանտալ Քոլօ Մուանի արդիւնքը վերածեց 2-0-ի` դաշտ մուտք գործելէ երկվայրկեաններ ետք:
Մրցումին 5-րդ վայրկեանին, յետսապահ Թէօ Հերնանտեզ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, մինչ 79-րդ վայրկեանին անոր խմբակից` Ռանտալ Քոլօ Մուանի արդիւնքը վերածեց 2-0-ի` դաշտ մուտք գործելէ երկվայրկեաններ ետք:
Այսպիսով, Ֆրանսա եկաւ վերջ մը դնելու Մարոքի հեքիաթին, որ այս մրցաշարքին ստեղծեց բաւական մեծ անակնկալներ:
 Ֆրանսացի յառաջապահ Անթուան Կրիզման այս մրցումին բացառիկ ցուցանիշ մը արձանագրեց:
Ֆրանսացի յառաջապահ Անթուան Կրիզման այս մրցումին բացառիկ ցուցանիշ մը արձանագրեց:
Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող 31 տարեկան Կրիզման, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, հանդիսացաւ Ֆրանսայի հաւաքականներու պատմութեան մէջ առաջին ֆութպոլիստը, որ յաջորդաբար 18-րդ մրցումն ըլլալով կը մասնակցի Մոնտիալի մրցումներուն:
Իսկ անոր խմբակից խմբապետ Հիւկօ Լիորիս կրկնեց Մանուէլ Նէօյըրի մրցանիշը` բերդապահներու մակարդակին վրայ կատարելով Մոնտիալի իր 19-րդ մրցումը:
Աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 18 դեկտեմբերին, ժամը 17:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Ֆրանսա պիտի մրցի Արժանթինի դէմ:
 
			

