Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ բաւական մօտէն հետաքրքրուած է Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Տինամօ Զաղրեպի բերդապահ Տոմինիք Լիվաքովիչով, այս մասին յայտնեց գերմանական մարզական մամուլը:
27 տարեկան բերդապահը պատրաստ է տեղափոխուիլ միւնիխեան ակումբ, հակառակ անոր որ քիչ հաւանական է, որ ան նկատի առնուի իբրեւ հիմնական բերդապահ:
Նշենք, որ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 10 միլիոն եւրոյով:
2022-ի Մոնտիալին ան Խրուաթիոյ հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ հինգ մրցումի:


