Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Նըժմէ Եւ Անսար Տուգանքի Եւ Կախակայումի Ենթարկուեցան

December 16, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, մանրամասն քննարկելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին կիսատ մնացած, ապա առանց համակիրներու այս շաբաթասկիզբին շարունակուած Անսար-Նըժմէ մրցումին բոլոր հարցերն ու մանրամասնութիւնները, տուաւ հետեւեալ որոշումները.

Նըժմէ 25 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուելէ բացի, պիտի վճարէ Ճիւնիի քաղաքապետարանի մարզադաշտի թրիպիւններու վնասներուն ծախսերը, որոնց ճշգրիտ գումարը պիտի յայտարարուի աւելի ուշ:

Ասկէ բացի, Նըժմէ իր յաջորդ հինգ մրցումները պիտի կատարէ դռնփակ` առանց իր համակիրներուն:

Իր կարգին, Անսար տուգանքի ենթարկուեցաւ 10 միլիոն լիբանանեան ոսկիով:

Անիկա եւս պիտի վճարէ մարզադաշտի թրիպիւններուն կրած վնասները, երբ անոր կրած վնասներուն մասին ֆետերասիոնը իր մօտ ունենայ մանրամասն տեղեկութիւններ:

Նշենք, որ 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանին գծով տեղի ունեցած Անսար-Նըժմէ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 10 դեկտեմբերին, մնաց կիսատ, երբ խուլիկանութեան դէպքեր արձանագրուեցան երկու խումբերու համակիրներուն միջեւ, մինչ անիկա կ՛ընթանար 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:

Համակիրներուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած դէպքերուն պատճառով որոշուեցաւ մրցումը շարունակել առանց համակիրներու:

Սակայն երբ կարելի չեղաւ դաշտը պարպել համակիրներէն, իրաւարարը յայտնեց, որ մրցումը կը դադրեցնէ:

Երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին շարունակուած մրցումը, առանց համակիրներու եւ Բ. կիսախաղէն սկսեալ, աւարտեցաւ Անսարի յաղթանակով, 2-1 արդիւնքով:

Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Անսար այսպիսով հանդիսացաւ երթի ախոյեան` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 27 կէտ:

 

Նախորդը

2022-Ի Մոնտիալ-Քաթար. Մարոքի Հեքիաթը Աւարտեցաւ. Ֆրանսա Հասաւ Աւարտականին

Յաջորդը

Էրտողան. «Կ՛ուզեմ Ասատի Հետ Հանդիպիլ, Եւ Փութին Այդ Առնչութեամբ Դրական Ընկալում Ունի»

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.