Մահացաւ «Ֆութպոլի Արքան»` Պրազիլցի Փելէն
Հինգշաբթի, 29 դեկտեմբեր 2022-ին, 82 տարեկան հասակին, մահացաւ աշխարհի եռակի ախոյեան, «Ֆութպոլի արքայ», պրազիլցի անուանի նախկին ֆութպոլիստ Փելէն: Ան մահացաւ քաղցկեղի, երիկամներու եւ սրտի անբաւարարութեան հետեւանքով: Անուանի ֆութպոլիստը միակն է Մոնտիալներու պատմութեան մէջ, որ երեք անգամ հանդիսացած է աշխարհի ախոյեան (1958, 1962 եւ 1970): Անոր անունը արձանագրուած է «Կինես» մրցանիշներու գիրքին մէջ` 1279 կոլի հեղինակ դառնալու համար: Նշենք, որ Պրազիլի...




















