Հայաստանի ֆութպոլի գործող ախոյեան Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ միջնապահ Արազ Օզպիլիս հեռացաւ խումբէն:
32 տարեկան Օզպիլիս, որ 2019-ի ամրան միացաւ Փիւնիկին, 31 պաշտօնական մրցումի ընթացքին նշանակեց 7 կոլ:
Իր ստացած վնասուածքներուն պատճառով ան իրմէ սպասուածը լաւապէս չկրցաւ տալ, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբը:
Ըստ հայկական մարզական մամուլին, ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շատ հաւանաբար պիտի շարունակէ Ուրարտու-Երեւանի հետ:


