Քաթարի մէջ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալին լաւագոյն իրաւարարի` Ժուլիօ Քամփանաթիի անուան մրցանակին տիրացաւ իտալացի իրաւարար` Տանիելէ Օրսաթօ:
Ան եղաւ Մոնտիալի հետեւեալ երեք մրցումներուն գլխաւոր իրաւարարը. Քաթար-Էքուատոր , Արժանթին-Մեքսիքա եւ Արժանթին-Խրուաթիա:
Նշենք, որ Ժուլիօ Քամփանաթիի անուան մրցանակը սահմանուեցաւ Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած Մոնտիալէն ետք, ի յիշատակ` նախկին իրաւարար եւ Իտալիոյ իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահ Ժուլիօ Քամփանաթիի, որ մահացաւ հոկտեմբեր 2011-ին:


