Ա. Սէ. Միլանի, Ֆիորենթինայի եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ալպերթօ Ճիլարտինօ նշանակուեցաւ Ճենովայի գլխաւոր մարզիչ:
40 տարեկան Ճիլարտինօ այսպիսով փոխարինեց Ալեսանտեր Պլեսինան, որ այս ամսուան սկիզբը պաշտօնանկ եղաւ:
Նշենք, որ անոր ակումբը ներկայիս մաս կը կազմէ Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան:


