Դասական ճատրակի աշխարհի գործող ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն հանդիսացաւ արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսակիր:
Ալմա Աթայի մէջ (Ղազախստան) տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան, Քարլսըն առաւելագոյն 13 կէտէն ապահովեց 10 կէտ: Ան կրեց պարտութիւն մը միայն` արձանագրելով ութ յաղթանակ եւ չորս հաւասարութիւն:
Հայ ճատրակ խաղացողներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեցին Մանուէլ Պետրոսեան եւ Զաւէն Անդրէասեան, որոնք ապահովեցին 8-ական կէտ:
Պետրոսեան հանդիսացաւ 25-րդ, իսկ Անդրէասեան` 40-րդ (լրացուցիչ ցուցանիշներով):
Իսկ աղջկանց ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Էլինա Դանիէլեան, որ առաւելագոյն 11 կէտէն 7 կէտ ապահովելով գրաւեց 11-րդ դիրքը:


