Ուրարտուի միջնապահ Էրիկ Վարդանեան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
24 տարեկան ֆութպոլիստը, այսպիսի որոշում տուաւ ծունկի լուրջ վնասուածքէն երկար տեւած ապաքինումէն ետք:
Նշուեցաւ, որ հինգ տարուան ընթացքին ան ենթարկուած է չորս վիրաբուժութեան:
Ան ֆութպոլի իր առաջին քայլերը առած է Ուրարտու ակադեմիային մէջ (նախապէս` Բանանց), ապա շարունակած է աճիլ` իբրեւ ֆութպոլիստ, սպանական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբին մէջ:
Ան հանդէս եկած է նաեւ Փիւնիկի եւ Սոչիի ֆութպոլի ակումբներուն հետ:
Վերադառնալով հարազատ Ուրարտու` միջնապահը մասնակցեցաւ 7 մրցումի:
Ան պիտի մնայ սակայն Ուրարտուի հետ, ստանձնելով պաշտօն մը, թեքնիք յանձնախումբին մէջ:


