Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան երկրորդ օրը, տեղի ունեցան 6-9-րդ հանգրուանի մրցումները:
Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը ունին Հայկ Մ. Մարտիրոսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան, որոնք ապահովելով 6-ական կէտ, կը բաժնեն 11-28-րդ դիրքերը:
Շանթ Սարգսեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան ապահոված են 5,5-ական կէտ, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Զաւէն Անդրէասեան ունին 5-ական կէտ, Մամիկոն Ղարիբեան` 4,5 կէտ, իսկ Տիգրան Կ. Յարութիւնեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան` 4-ական կէտ:
Միանձնեայ յառաջատարն է, աշխարհի ախոյեան նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, որ ապահոված է 7,5 կէտ:
Նշենք, որ այսօր կը սկսի կայծակնային ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Էլինա Դանիէլեան, որ առաւելագոյն 8 կէտէն ապահոված է 5,5 կէտ, կը բաժնէ 10-16-րդ դիրքերը:
Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիամ Մկրտչեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան ունին 4-ական կէտ:


