Մարզական

«Լ՛Էքիփ». 2022 Տարուան  Խորհրդանշական Հաւաքականը

«Լ՛Էքիփ». 2022 Տարուան Խորհրդանշական Հաւաքականը

Ֆրանսական անուանի մարզաթերթերէն «Լ՛Էքիփ» 2022 տարուան եւրոպական յառաջատար հինգ ախոյեանութիւններուն արդիւնքները նկատի ունենալով հրապարակեց տարուան խորհրդանշական հաւաքականը: Ստորեւ` մարզաթերթին կողմէ ընտրուած լաւագոյն 11 ֆութպոլիստներուն ցանկը. Բերդապահ` Թիպօ Քուրթուա (Պելճիքա, Ռէալ Մատրիտ): Յետսապահներ` Քայլ Ուոքըր (Անգլիա, Մանչեսթըր Սիթի), Վիրճիլ Վան Տիյք (Նետըրլանտներ, Լիվըրփուլ), Եոշքօ Կուարտիոլ (Խրուաթիա, Լայփցիկ) եւ Թէօ Ֆերնանտեզ (Ֆրանսա, Ա. Սէ. Միլան): Միջնապահներ` Լուքա Մոտրիչ (Խրուաթիա, Ռէալ Մատրիտ), Քազեմիրօ...

Տի Մարիա Որոշեց Չհեռանալ  Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբէն

Տի Մարիա Որոշեց Չհեռանալ Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբէն

Աշխարհի ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող միջնապահ Անխել Տի Մարիա որոշեց շարունակել ֆութպոլիստի իր միջազգային ասպարէզը եւ չհեռանալ ազգային խումբէն: Քաթարի մէջ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալէն առաջ Եուվենթուսին մաս կազմող 34 տարեկան Տի Մարիա ըսած էր, որ պիտի աւարտէ իր ելոյթները ազգային հաւաքականին հետ, աշխարհի ախոյեանութենէն ետք: Նշենք, որ Արժանթինի խմբապետ եւ Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս...

Սքալոնի Պիտի Շարունակէ Գլխաւորել  Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Սքալոնի Պիտի Շարունակէ Գլխաւորել Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Միջազգային մարզական մամուլը յայտնեց, որ Լիոնել Սքալոնի պիտի շարունակէ գլխաւորել Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբը: Շատ հաւանական է, որ Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երկարաձգէ 44 տարեկան մասնագէտին պայմանագրութեան ժամկէտը, որ աւարտած է 13 դեկտեմբեր 2022-ին: Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, նոր համաձայնագիրը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ 30 յունիս 2026: Նշենք, որ ան Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնեց 2018-ին:  

Մուրինիօ Մերժեց Ստանձնել Փորթուգալի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչի Պաշտօնը

Մուրինիօ Մերժեց Ստանձնել Փորթուգալի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչի Պաշտօնը

Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ նախորդ շաբաթավերջին մերժեց ստանձնել Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը, այս մասին յայտնեց փորթուգալեան մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ 59 տարեկան մասնագէտը կ՛ուզէ ամբողջացնել իտալական խումբին հետ իր կնքած համաձայնագիրը, որ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024: 2014-ին երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ նշանակուած 68 տարեկան Ֆերնանտօ Սանթոս 2022-ի Մոնտիալէն ետք պաշտօնապէս ներկայացուց իր...

71 Տարեկան Քլաուտիօ Ռանիերի  34 Տարի Ետք Դարձեալ  Պիտի Գլխաւորէ Քալիարին

71 Տարեկան Քլաուտիօ Ռանիերի 34 Տարի Ետք Դարձեալ Պիտի Գլխաւորէ Քալիարին

Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Քալիարիի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 71 տարեկան Քլաուտիօ Ռանիերի նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով Ֆապիօ Լիվերանին, որ նախորդ 20 դեկտեմբերին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն: Այսպիսով, Ռանիերի 34 տարի ետք դարձեալ կը վերադառնայ Քալիարի, որուն մարզիչի պաշտօնը ստանձնած էր 1988-1991 ժամանակամիջոցին: Նշուեցաւ, որ Ռանիերի, որուն նախկին ակումբն էր անգլիական Ուաթֆորտը, իր պաշտօնը պիտի...

Ֆիրմինօ Եւ Միլնըր Պիտի Բացակային  Նաեւ Լայսթըր Սիթիի Դէմ  Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Ֆիրմինօ Եւ Միլնըր Պիտի Բացակային Նաեւ Լայսթըր Սիթիի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Լիվըրփուլի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ պրազիլցի յառաջապահ Ռոպերթօ Ֆիրմինօ եւ անգլիացի միջնապահ Ճէյմս Միլնըր պիտի բացակային նաեւ Լայսթըր Սիթիի դէմ կատարուելիք մրցումէն (ուրբաթ, 30 դեկտեմբեր), բացակայելէ ետք այս շաբաթասկիզբին Ասթոն Վիլլայի դէմ կատարուած մրցումէն («Փրեմիեր Լիկ»): Նշենք, որ նախորդ շաբաթ Ֆիրմինօ վնասուածքի պատճառով դաշտ չներկայացաւ Մանչեսթըր Սիթիի դէմ կատարուած Անգլիոյ ֆութպոլի Լիկայի բաժակի մրցաշարքի մրցումին, մինչ Միլնըր,...

Մահացաւ Եուվենթուսի Եւ Ուրուկուէյի  Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Նախկին  Ֆութպոլիստ Ֆապիան Օնիլ

Մահացաւ Եուվենթուսի Եւ Ուրուկուէյի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Նախկին Ֆութպոլիստ Ֆապիան Օնիլ

Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան օրը` կիրակի, 25 դեկտեմբերին, մահացաւ Եուվենթուսի եւ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ֆապիան Օնիլ, այս մասին յայտնեց Ուրուկուէյի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը. ան 49 տարեկան էր: Միջազգային շարք մը մարզական լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ անոր լեարդի հիւանդութիւնը նկատուեցաւ անոր մահուան գլխաւոր պատճառը` նկատի ունենալով, որ ան բաւական երկար ժամանակ պայքարեցաւ իր ունեցած այդ հիւանդութեան բուժումին համար,...

«Եու. Էֆ. Սի.».  Մահացաւ Ամերիկացի  45 Տարեկան Սթեֆըն Պոննար

«Եու. Էֆ. Սի.». Մահացաւ Ամերիկացի 45 Տարեկան Սթեֆըն Պոննար

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ մահացաւ «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.»-ի խառն մենամարտերու ամերիկացի մարտիկ Սթեֆըն Պոննար. ան 45 տարեկան էր: Նշուեցաւ, որ անոր մահուան պատճառ եղած են սրտի բարդութիւնները: «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.»-ի նախագահ Տանա Ուայթ ամերիկացի մարզիկը անուանեց պատմութեան ամէնէն կարեւոր մարզիկներէն մէկը: Նշենք, որ Պոննար իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտած էր նոյեմբեր 2014-ին:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ախա  Հարեթ Հըրէյք` 3-0

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Ախա Հարեթ Հըրէյք` 3-0

Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Ե. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Ահտի դաշտին վրայ մրցեցաւ Ախա Հարեթ Հըրէյքի դէմ, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Կերի Լեփեճեան, Ղասսան Տըլպանի եւ Անթոնի Քութանի: Մրցում մը նուազ կատարած ՀՄԸՄ այսպիսով արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` հաւասարութեան մը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Սաժես Պէյրութ Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին  Պարտութիւնը Ռիատի Պէյրութէն` 77-71 Արդիւնքով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Պէյրութ Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը Ռիատի Պէյրութէն` 77-71 Արդիւնքով

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի գագաթի ճակատումին իրարու դէմ մրցեցան Ռիատի Պէյրութ եւ Սաժես Պէյրութ, առաջինին դաշտին` Մանարայի մէջ: Պէյրութեան այս 130-րդ տերպին աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ յաղթանակով` 77-71 արդիւնքով (14-22, 19-21, 18-8 եւ 26-20): Ռիատիի համար մրցումին անկիւնադարձային հանգրուանը եղաւ 3-րդ քորթըրը,  որուն շնորհիւ անիկա յաղթական դուրս եկաւ այս ճակատումէն, այսպիսով դառնալով այս տարեշրջանի...

Էդուարդ Սպերցեան` Հայաստանի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Էդուարդ Սպերցեան` Հայաստանի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ամփոփեց 2022 տարուան Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստի քուէարկութեան արդիւնքները: Հաւաքելով 76 կէտ, 2022 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանչցուեցաւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ ռուսական Քրասնոտարի միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան: Երկրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ իտալական Ինթեր Միլանի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան (74 կէտ): Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Փիւնիկ Երեւանի միջնապահ Արտակ Դաշեան (20 կէտ): Հայաստանի լաւագոյն մարզիչ ճանչցուեցաւ,...

Երեւանի Քաղաքապետարանը Կազմեց  Երեւանցի Մարզիկներուն  Լաւագոյն Տասնեակը

Երեւանի Քաղաքապետարանը Կազմեց Երեւանցի Մարզիկներուն Լաւագոյն Տասնեակը

2022 տարին մետալներու իմաստով բաւական հարուստ էր Հայաստանի համար` նկատի ունենալով, որ հայրենի մարզիկները տիրացան աւելի քան 300 մետալներու, որոնցմէ 104-ը` ոսկի: Այս առիթով եւ պահը յարմար նկատելով, Երեւանի քաղաքապետարանը առաջին անգամ ըլլալով կազմեց երեւանցի մարզիկներուն լաւագոյն տասնեակը: Աշխարհի եւ Եւրոպայի տարբեր ախոյեանութիւններու մետալակիրներն ու անոնց մարզիչները քաղաքապետարանին մէջ հիւրընկալուեցան Երեւանի փոխքաղաքապետներ Գէորգ Սիմոնեանի եւ Տիգրան Աւինեանի, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան,...

Հայաստանի Կռփամարտի Ֆետերասիոնին  Նախագահը Պարգեւատրուեցաւ  «Երախտագիտութեան» Մետալով

Հայաստանի Կռփամարտի Ֆետերասիոնին Նախագահը Պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութեան» Մետալով

Հայկական կռփամարտի զարգացման գործին մէջ իր ունեցած մեծ դերին համար Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Յովհաննէս Յովսէփեան, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագիրով պարգեւատրուեցաւ «Երախտագիտութեան» մետալով, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ նախապէս պարգեւատրուած էր մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան` «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» Առաջին կարգի մետալով:

13 Ֆութպոլիստ Հեռացաւ Ալաշկերտէն

13 Ֆութպոլիստ Հեռացաւ Ալաշկերտէն

Մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին Ալաշկերտ ֆութպոլի ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենան արմատական փոփոխութիւններ: Խումբէն հեռացան 13 ֆութպոլիստներ, որոնց կարգին` Բենիկ Յովհաննիսեան, Կարապետ Մանուկեան եւ Սարգիս Մեթոյեան, մինչ մնացեալները ակումբին օտարական ֆութպոլիստներն են: Ակումբին սեփականատէր Բագրան Նաւոյեան, գլխաւոր մարզիչ` Վահէ Գէորգեանի հետ գործակցաբար նոր համալրումներու մասին պիտի յայտարարէ մօտիկ ապագային:  

Դաւիթ Եուրչենքօ Հեռացաւ  Փիւնիկ Երեւանէն

Դաւիթ Եուրչենքօ Հեռացաւ Փիւնիկ Երեւանէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ հեռացաւ Փիւնիկ Երեւանէն, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց ֆութպոլիստին` կազմին հետ իր կատարած նուաճումներուն համար, եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն` իր արհեստավարժ ասպարէզին շարունակման գծով: Նշենք, որ Եուրչենքօ Փիւնիկ Երեւանին միացաւ փետրուար 2022-ին:  

«Լիկ-1».  Մեսսի Բացակայ` Այսօրուան  Մրցումէն

«Լիկ-1». Մեսսի Բացակայ` Այսօրուան Մրցումէն

2022-ի Մոնտիալին պատճառով դադրած Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») մրցումները կը վերսկսին այսօր` չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին, երբ տեղի կ՛ունենան 16-րդ հանգրուանի ճակատումները: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն Սթրազպուրկի դէմ այսօրուան իր մրցումը, պիտի կատարէ առանց Լիոնել Մեսսիի: 35 տարեկան արժանթինցին, որ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ հանդիսացաւ 2022-ի Մոնտիալի տիտղոսակիր, ցարդ իր արձակուրդը կը շարունակէ իր հայրենիքին մէջ:...

2026-ի Մոնտիալ.  Ռուսիա Կրնայ Մասնակցիլ  Զտումի Մրցումներուն, Եթէ…

2026-ի Մոնտիալ. Ռուսիա Կրնայ Մասնակցիլ Զտումի Մրցումներուն, Եթէ…

Ըստ ռուսական մարզական մամուլին, Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը կրնայ իր մասնակցութիւնը բերել 2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին, եթէ համաձայն գտնուի դուրս գալ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-էն եւ միանալ Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին: ՖԻՖԱ-ն Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը տեղեակ պահեց, որ ատիկա պիտի ըլլայ միակ տարբերակը` մասնակցելու համար աշխարհի ախոյեանութեան: Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ալեքսանտր Տիւքով յայտնած է, որ...

Մահացաւ Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային  Խումբին Հետ Աշխարհի Ախոյեան  Հանդիսացած Ճորճ Քոհեն

Մահացաւ Անգլիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Հետ Աշխարհի Ախոյեան Հանդիսացած Ճորճ Քոհեն

Նախորդ շաբաթավերջին 83 տարեկան հասակին մահացաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ 1966-ի Մոնտիալին տիտղոսին տիրացած Ճորճ Քոհեն, այս մասին յայտնեց անոր անցեալի ակումբին` Ֆուլհեմի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ան ֆութպոլիստի իր ասպարէզին մեծ մասը` 1956-1969, անցուցած էր Ֆուլհեմի հետ, անոր հետ 459 մրցումի ընթացքին նշանակելով 6 կոլ: Իսկ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան իր մասնակցութիւնը բերած է 37 միջազգային մրցումի:  

Լիբանանի Քոնկ Ֆուի Թաու Լուի  Ս. Ծննդեան Մրցաշարք.  Սատաքա Այնճար Հանդիսացաւ Երկրորդ

Լիբանանի Քոնկ Ֆուի Թաու Լուի Ս. Ծննդեան Մրցաշարք. Սատաքա Այնճար Հանդիսացաւ Երկրորդ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆուի ֆետերասիոնին, տեղի ունեցաւ Թաու Լուի Ս. Ծննդեան մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 60 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին հետեւեալ ակումբները. Անթոնին Պաապտա, Սատաքա Այնճար, ԱՊՊԱ Պուրճ Համուտ, Ռիսփեքթ Ռահպա Աքքար, Լուաքօ Քասլիք, Սփորթինկ Հայ Պէյրութ եւ Լուէյզի Զուք Մոսպեհ: Մրցումները տեղի ունեցան Անթոնին Պաապտայի մարզադաշտին վրայ` ներկայութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու Ուու Շուի ֆետերասիոնի նախագահ Ժորժ Նըսէյրի, փոխնախագահ Ժաք Տաղլեանի,...

ՖԻՖԱ.  Հայաստանի Ազգային  Հաւաքականը Նահանջեց

ՖԻՖԱ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Նահանջեց

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՖԱ-ի կողմէ հրապարակուած աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը երկու դիրքի նահանջ մը արձանագրելով յայտնուեցաւ 95-րդ դիրքին վրայ: Նշենք, որ հայրենի կազմը 2022 տարին սկսած էր 92-րդ դիրքին վրայ: Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբը մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ, հակառակ անոր որ 2022-ի Մոնտիալին անիկա քառորդ աւարտականէն անդին չկրցաւ երթալ: Աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Արժանթին...

Page 337 of 1280 1 … 336 337 338 … 1,280

Արխիւներ