Պարսելոնայի միջնապահ Սերճիօ Պուսքեթց շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Նասըրի հետ (Սէուտական Արաբիա), այս մասին յայտնեց «Մունտօ Տեփորթիւօ»:
Ֆութպոլիստը ցարդ չէ վճռած, թէ ի՛նչ որոշում պիտի տայ, հակառակ անոր որ Նասըր աւելի լաւ պայմաններ կ՛առաջարկէ անոր, քան` Պարսելոնա:
Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Պուսքեթց ցարդ չէ կողմնորոշուած, թէ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգէ՞ կամ ոչ քաթալոնական ակումբին հետ` նկատի ունենալով, որ ատիկա կ՛աւարտի 2023-ի ամրան:


