Հայաստանի ֆութպոլի գործող ախոյեան Փիւնիկ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց Արտակ Դաշեանի հետ, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Երկու կողմերուն միջեւ կնքուեցաւ մէկուկէս տարուան նոր պայմանագրութիւն մը:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, Դաշեան մաս կազմած է Ուրարտու Երեւանի, Մեթալուրկ Տոնեցքի, Մուհարրաքի (Պահրէյն), Գանձասար-Կապանի, Վարտար Սքոփյէի, Ալաշկերտ Երեւանի եւ Աթիրաուի (Ղազախստան):
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան, Փիւնիկ այժմ 34 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երրորդ դիրքը` պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ուրարտուէն ետ մնալով 13 կէտով:


