Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 29 դեկտեմբերին, տեղի կ՛ունենայ Անդրանիկ Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 16:45-ին, տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Նաքքաշ:
Նշենք, որ մրցումի նախօրեակին, երկու կազմերն ալ, որոնք արձանագրած են երեքական յաղթանակ եւ կրած եօթնական պարտութիւն, իրենց տրամադրութեան տակ ունին 13-ական կէտ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի խմբային լաւ խաղարկութիւն մը կիրարկելով` արձանագրել տարեշրջանի իրենց չորրորդ յաղթանակը` հեռանալու համար վտանգաւոր գօտիէն:


