Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքին վրայ գտնուող Պիպլոս, որ հիւրը եղաւ Շանվիլին, կրեց տարեշրջանի իր 10-րդ պարտութիւնը` 84-79 արդիւնքով (34-14, 18-18, 15-27 եւ 17-20):
Ցարդ միայն յաղթանակ մը արձանագրած Պիպլոս թէեւ բաւական տպաւորիչ խաղարկութիւն մը ունեցաւ, սակայն կրեց հինգ կէտի տարբերութեամբ պարտութիւն մը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը (27) նշանակեց Շանվիլի խմբապետ Ճիմի Սալեմ:
Յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Մոնիյունկ Ռուոթ (15 կէտ, 21 ռիպաունտ), իսկ Պիպլոսէն` Վիքթոր Պերմուտեզ (25 կէտ, 15 ռիպաունտ):
Նշենք, որ Պիպլոս իր միակ յաղթանակը արձանագրեց 26 նոյեմբերին` Լիտըրզի դէմ, 90-75 արդիւնքով (8-րդ հանգրուան):


