Փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ դադրեցուց իր բանակցութիւնները Նասըր ակումբին հետ (Սէուտական Արաբիա), այս մասին յայտնեցին արաբական լրատուամիջոցները:
Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, 37 տարեկան ֆութպոլիստը առաջարկ մը ստացած է եւրոպական ակումբէ մը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
Վերոնշեալ մրցաշարքին մասնակցիլը ֆութպոլիստին համար կը նկատուի առաջնահերթութիւն:
Նախապէս լուրեր շրջան կ՛ընէին, որ Ռոնալտօ Նասըրի հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց մինչեւ 2025, ընդհանուր` 500 միլիոն եւրօ աշխատավարձով:


