Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Կամօ Յովհաննիսեան պիտի շարունակէ հանդէս գալ ղազախական Ասթանայի հետ:
Կողմերուն միջեւ նոր պայմանագրութիւնը ուժի մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ 2023 տարեշրջանին աւարտը, այս մասին յայտնեց ղազախական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Յովհաննիսեան, որ 2022 տարուան սկիզբը միացաւ Ասթանային, առաջին իսկ տարեշրջանին իր խումբին հետ հանդիսացաւ երկրի ախոյեան:


