Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ կը փափաքի իր համագործակցութիւնը շարունակել աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, արժանթինցի յառաջապահ Փաուլօ Տիպալայի հետ:
Նշուեցաւ, որ հռոմեան ակումբը շուտով պիտի սկսի իր բանակցութիւններուն` 29 տարեկան Տիպալայի նոր պայմանագրութեան գծով:
Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններուն, ակումբը անոր պիտի առաջարկէ երեք տարուան նոր պայմանագրութիւն մը` աշխատավարձի բարձրացումով (տարեկան 6 միլիոն եւրօ):
Տիպալա, որ նախորդ ամառ միացաւ իտալական կազմին, անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ յունիս 2025:
Ան ցարդ 16 մրցումի ընթացքին նշանակած է 10 կոլ եւ կատարած 3 էսիսթ: