Ինչպէս ծանօթ է, այս շաբաթասկիզբին, մեկնարկը տրուեցաւ տարուան առաջին կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքին` Աւստրալիոյ թենիսի բաց ախոյեանութեան, երբ կատարուեցան Ա. հանգրուանի մրցումներէն ոմանք:
Մրցաշարքին երկրորդ օրը սակայն, 13 դաշտերու վրայ, մրցումները ընդհատուեցան բարձր ջերմաստիճանին պատճառով, այս մասին յայտնեց մրցաշարքին պաշտօնական կայքը:
Մրցաշարքը, որուն մրցանակային ընդհանուր հիմնադրամը կը կազմէ 51 միլիոն ամերիկեան տոլար, իր աւարտին կը հասնի 28 յունուարին: