Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սլովենիոյ Ռիւսէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «ԷՍ. ԷՍ. ԷՖ. ԿՐԱՆՏ ՓՐԻ» նշանառութեան միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի Բենիկ Խլղաթեան-Էլմիրա Կարապետեան խառն զոյգը, օդամղիչ ատրճանակի 10 մեթրի մրցումներուն գրաւեց երկրորդ դիրքը` տիրանալով արծաթ մետալի:
Ինչ կը վերաբերի 10 մեթրի անհատական մրցումներուն,Կարապետեան գրաւեց
7-րդ դիրքը, իսկ Խլղաթեան` 10-րդ դիրքը:
Մարզիչ Անդրանիկ Այվազեանի գլխաւորած կազմը հոնկէ մեկնեցաւ Խրուաթիա, ուր պիտի մասնակցի միջազգային այլ մրցաշարքի մը:
Նշենք, որ երկու մրցաշարքերու արդիւնքներուն լոյսին տակ, զօրաւորագոյնները իրաւունք պիտի ստանան մասնակցելու Լեհաստանի մէջ կատարուելիք Եւրոպական ամառնային երրորդ խաղերուն: