Սէուտական Արաբիան ներկայացնող Նասըր ֆութպոլի խումբը, ուր հանդէս կու գայ փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, կը փափաքի իր կազմին միացնել Քէյլոր Նաւասը:
Նկատի ունենալով, որ Նասըրի բերդապահ Տաւիտ Օսփինա (Քոլոմպիա) նախորդ շաբաթավերջին լուրջ վնասուածք ստացաւ, արաբական ակումբը ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կ՛ուզէ նոր բերդապահով մը օժտուիլ:
Նշուեցաւ, որ 36 տարեկան քոսթառիքացի բերդապահին փոխանցումը մինչեւ այս շաբաթավերջ իրականանայ, երբ Փարիզ Սեն Ժերմեն հասնի Սէուտական Արաբիա, մասնակցելու համար բարեկամական մրցումի մը` Նասըրի եւ Հիլալի աստղերուն դէմ: