Վերջին քսան տարիներուն Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը, որ համագործակցեցաւ «Փումա»-ի հետ, 2023-ին ունեցաւ նոր հովանաւոր մը` «Ատիտաս»-ը:
Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը կատարեց Իտալիոյ ազգային խումբի նոր մարզաշապիկին շնորհահանդէսը:
Իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումներուն ընթացքին Իտալիոյ մարզաշապիկին գոյնը պիտի ըլլայ կապոյտ, իսկ օտար դաշտի վրայ տեղի ունենալիք մրցումներուն անիկա պիտի կրէ ճերմակ մարզաշապիկ:
Նոր տնային մարզաշապիկով առաջին անգամ ըլլալով պիտի խաղայ Իտալիոյ 18 տարեկանէն վար ազգային խումբը, այս ամսուան ընթացքին մրցելով Սպանիոյ իր հասակակիցներուն դէմ: