Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Ազրպէյճանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը պատրաստուի դիմել «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի վերջին հարցազրոյցին կապակցութեամբ:
Ազրպէյճանական կողմը «սադրանք» որակեց Մխիթարեանի քայլը եւ նշեց, որ արդէն իսկ սկսած է համապատասխան քայլերու ձեռնարկել, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին դիմելու համար:
Նշենք, որ իտալական Ինթեր Միլանը տեսանիւթ հրապարակած էր, որուն մէջ Մխիթարեան պատմած էր իր եւ Հայաստանի մասին, նաեւ գծած էր Հայաստանի քարտէսը` անոր մէջ ներառելով Արցախը: