Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 17 յունուարին տեղի պիտի ունենայ Պիպլոս-Պէյրութ մրցումը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ժիպէյլի Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի ժամը 19:30-ին:
Ցարդ իր կատարած մրցումներուն, 12-րդ եւ վերջին դիրքը գրաւող Պիպլոս ցարդ արձանագրած է յաղթանակ մը միայն եւ կրած 12 պարտութիւն, մինչ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Պէյրութ արձանագրած է 11 յաղթանակ եւ կրած երկու պարտութիւն:
Նշենք, որ 14-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Աթլաս իր դաշտին վրայ 83-77 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նետիմ Սուէյտ Աքատեմիէն: