Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, Ուեսթ Համ կազմած է չորս մարզիչներէ կազմուած ցանկ մը, որոնցմէ մէկը պիտի փոխարինէ Տէյվիտ Մոյեսը` գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը ստանձնելու համար:
Այդ ցանկին մէջ ընդգրկուած են Չելսիի նախկին մարզիչ Թոմաս Թուխել եւ Թոթենհամի նախկին գլխաւոր մարզիչ Մաուրիցիօ Փոքեթինօ:
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ուեսթ Համ, որ ցարդ ապահոված է 15 կէտ միայն, այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 18-րդ վտանգաւոր դիրքը:
59 տարեկան Մոյես, որ դեկտեմբեր 2019-էն ի վեր կը մարզէ Ուեսթ Համը, նախապէս այլ առիթով ալ եղած է խումբի մարզիչը (նոյեմբեր 2017-էն մայիս 2018):