Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Ուրարտուի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հայրենի ֆութպոլիստ Արազ Օզպիլիս, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ երեւանեան ակումբին հետ:
32 տարեկան Օզպիլիս, որ վերջերս հեռացաւ Փիւնիկ երեւանէն, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսած է Այաքս Ամսթերտամի հետ (Նետերլանտներ):
Ան մաս կազմած է նաեւ Սպարտակ Մոսկուայի, Ռայօ Վայեքանոյի, Պեշիքթաշի, Շերիֆ Թիրասփոլի եւ Ուիլեմ-Բ.-ի: