Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտ եւ ֆրանսացի 35 տարեկան յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա համաձայնութեան եկան պայմանագիրի երկարաձգման գծով, այս մասին յայտնեց «Ֆութ Մերքաթօ»:
Նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ յունիս 2024:
Պենզեմայի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր այս տարուան յունիսին:
Ֆրանսացին, որ 2009-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ մայրաքաղաքի կազմին հետ, նախորդ տարի տիրացաւ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստի «Ոսկեայ գնդակ» մրցանակին: