Լոս Անճելըս Լէյքըրզին մաս կազմող ամերիկացի անուանի պասքեթպոլիստ Լեպրոն Ճէյմս, որ Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզի դէմ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումին նշանակեց 35 կէտ, կարեւոր նուաճում մը ձեռք ձգեց:
Այսպիսով, 38 տարեկան Ճէյմս «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի պատմութեան ամէնէն շատ կէտ նշանակած Քարիմ Ապտուլ-Ժապարէն ետք երկրորդ խաղացողն է, որ գերազանցեց 38 հազար կէտը:
Ան նշանակեց իր 38,001-րդ կէտը, մինչ Ապտուլ-Ժապար նշանակած է 38,387 կէտ: