Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Ա. Սէ. Միլան եւ փոխախոյեան Ինթեր Միլան հասան Սէուտական Արաբիոյ Թաէֆ քաղաքը, ուր տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցումը:
Իտալացի Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած կազմին` Ինթերի հետ Սէուտական Արաբիա հասաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Արդէն իսկ խումբերը սկսան իրենց փորձերուն` հոն ժամանելէ կարճ ատեն մը ետք:
Երկու կազմերուն միջեւ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 18 յունուարին եւ պիտի սկսի ժամը 21:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: