Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 21 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին, ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը, երբ 6-3, 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց միջազգային դասաւորման 75-րդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ռոպերթօ Քարպալես Պայենային:
Միջազգային դասաւորման 5-րդ դիրքին վրայ գտնուող, իսկ այս մրցաշարքին գծով 4-րդ դասուած Ճոքովիչի Բ. հանգրուանի մրցակիցը պիտի ըլլայ ֆրանսացի Էնզօ Քուակօ-պոլիվիացի Ուկօ Տելիեն մրցումին յաղթականը:
2-րդ դասուած նորվեկիացի Քասփեր Ռուտ 6-3, 7-6, 6-7 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք չեխ Թոմաս Մաշաքի, իր կարգին ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
Աղջկանց մրցումներուն գծով, 4-րդ դասուած ֆրանսացի Քարոլին Կարսիա իր կարգին հասաւ Բ. հանգրուան, 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթելով քանատացի Քաթրին Սեպովի:
2-րդ դասուած թունուզցի Օնս Ժապէօր Ա. հանգրուանի մրցումներուն իր յաղթանակը արձանագրեց Թամարա Զիտանսեքի դէմ (Սլովենիա)` 7-6, 4-6 եւ 6-1 արդիւնքով: