Թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 21 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած սերպ անուանի թենիսմեն` Նովաք Ճոքովիչ Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգայի բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ արձանագրեց իր 26-րդ յաջորդական յաղթանակը` քառորդ աւարտականի մրցումներուն գծով պարտութեան մատնելով աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 6-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուս Անտրէյ Ռուպլեւը:
Աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ 5-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ճոքովիչ այսպիսով կրկնեց ամերիկացի Անտրէ Աղասիի մրցանշային ցուցանիշը, որ արձանագրուած էր 2000-2004 ժամանակամիջոցին:
Իր կատարած 27-րդ մրցումին, Աղասի պարտուած էր ռուս Մարաթ Սաֆինէն:
Նշենք, որ 2011-2014 ժամանակամիջոցին Ճոքովիչ արձանագրած էր յաջորդական 25 յաղթանակ, սակայն 26-րդին պարտուած էր զուիցերիացի Սթանիսլաւ Վաւրինքայէն:
Այժմ, ընթացիկ ախոյեանութեան, Ճոքովիչ, որ կիսաւարտականին պիտի մրցի ամերիկացի Թոմի Փոլի դէմ, յաղթանակի մը պարագային պիտի գերազանցէ Աղասին:


