Աւստրալիոյ Մելպուռն քաղաքին մէջ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ դասուած է 18-րդ, բաւական հաստատ քայլերով ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ 6-0, 6-0 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ճափոնցի իր մրցակիցը` Եոշիհիթօ Նիշիոքան, որ դասուած է 31-րդ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Խաչանով դարձեալ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին` լուսանկարչական մեքենային վրայ անգլերէնով գրելով հետեւեալը.
«Keep believing all the way until the end! Artsakh Stay Strong». («Շարունակենք հաւատալ մինչև վերջ: Մնա՛ ուժեղ, Արցախ»):
Նշենք, որ ան նմանատիպ յայտարարութիւն մը գրած էր նախորդ հանգրուանին եւս, իր արձանագրած յաղթանակէն ետք:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ 29-րդ դասուած ամերիկացի Սեպասթիան Քորտա (29-րդ), որ իր յաղթանակը արձանագրեց 10-րդ դասուած լեհ Հուպերթ Հուրքասցի դէմ: