Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Ալանիա Վլատիքաւքազ, որուն հետ ելոյթ կ՛ունենայ Հայաստանի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արթուր Գալստեան, մարզաշապիկ նուիրեց 1998-ի Մոնտիալին Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած միջնապահ Ալեն Պօղոսեանին:
Ներկայիս 52 տարեկան Պօղոսեան, ջերմօրէն ընդունեց նուէրը եւ Ալանիային մաղթեց յաջողութիւն` տարեշրջանին երկրորդ բաժինին համար, այս մասին յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող Ալանիայի մարզական հաւաքը, որուն կը մասնակցի նաեւ Արթուր Գալոյեան, իր աւարտին կը հասնի 26 փետրուարին:


