Լիվըրփուլ քաղաքի կազմերէն Էվըրթընի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի գլխաւոր մարզիչ Ֆրանք Լամփար հեռացուեցաւ իր վարած գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն:
44 տարեկան Լամփար Էվըրթընի մարզիչ նշանակուած էր յունուար 2022-ին` փոխարինելով սպանացի Ռաֆայէլ Պենիթեսը:
Անգլիացի Լամփարի հետ Էվըրթըն վերջին 14 մրցումներուն արձանագրեց յաղթանակ մը միայն եւ կրեց 11 պարտութիւն:
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Էվըրթըն այժմ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը` 15 կէտով:


