«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ ցարդ կատարուած մրցումներէն ետք, ամէնէն շատ յաղթանակը արձանագրած է արեւելեան շրջանի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պոսթըն Սելթիքս (35):
Սակայն անիկա իր կատարած վերջին մրցումին, կրեց տարեշրջանի իր 13-րդ պարտութիւնը` Օրլանտօ Մեճիքի դաշտին վրայ, 113-98 արդիւնքով:
Իսկ արեւմտեան շրջանին վերջին դիրքին վրայ գտնուող Հիուսթըն Ռոքեթց, որ ցարդ կրած է 36 պարտութիւն, արձանագրեց տարեշրջանի իր 11-րդ յաղթանակը` 119-114 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Մինեսոթթա Վուլվզը:
Յաղթական կազմէն Ճէյլըն Կրին նշանակեց 42 կէտ: