Թուրքիոյ Պելեք քաղաքին մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարող Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ-Երեւան, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ ուքրանական Տնիփրօ-2 խումբին դէմ:
Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած խումբը կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հայրենի կազմին միակ կոլը նշանակեց վենեզուելացի 26 տարեկան յառաջապահ Խոսէ Քարապալիօ:
Վերոնշեալ մրցումէն բացի, նախատեսուած են նաեւ բարեկամական հինգ մրցումներ եւս:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ հատուածին, Փիւնիկ իր մրցումը պիտի կատարէ 24 փետրուարին` մրցելով Չարենցաւանի Վանին դէմ:


