Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 15-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Շիահի մարզադաշտին վրայ հիւրը եղաւ Պէյրութին, անկէ կրեց 96-52 արդիւնքով պարտութիւն մը (29-13, 29-8, 23-18 եւ 15-13):
Նկատի ունենալով, որ ՀՄԸՄ իր այս մրցումը կը կատարէր առանց իր օտարական մարզիկներուն, հիւրընկալ կազմը իր կարգին որոշեց անոր մասնակցիլ միայն իր լիբանանցի մարզիկներով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Պէյրութ ժամանակաւորապէս գրաւեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը, արձանագրելէ ետք տարեշրջանի իր 13-րդ յաղթանակը` երկու պարտութեան կողքին:
Իսկ 10-րդ դիրքին վրայ գտնուող ՀՄԸՄ, որ ցարդ արձանագրած է երեք յաղթանակ, կրեց տարեշրջանի իր 12-րդ պարտութիւնը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Պէյրութէն Ժերար Հատիտեան, մինչ ՀՄԸՄ-էն 18 կէտ նշանակեց Լէոնել Լահուտ (ներառեալ` 5 թրի փոյնթ):
ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Տանիել Պաղտատեան բաւական մօտ էր տապըլ-տապըլ մը իրագործելու (12 կէտ, 9 ռիպաունտ):
Անոր խմբակից Միհրան Պէրպէրեան նշանակեց 6 կէտ, մինչ 5-ական կէտ նշանակեցին Վարագ Քէօշէեան եւ Գէորգ Գէորգ:
Օրուան իրաւարարներն էին Զիատ Թաննուս, Քլոտ Ապի Ժըպրայել եւ Սերճիօ Քասսապ:


