Պարսելոնային մաս կազմող յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի ճանչցուեցաւ Լեհաստանի 2022 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց Լեհաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այսպիսով, Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետը ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 11-րդ անգամ ըլլալով ստացաւ այս մրցանակը:
34 տարեկան ֆութպոլիստը յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով կ՛արժանանայ այս կոչումին:
Տարուան լաւագոյն մարզիչները ճանչցուեցան Չեսլաւ Միխնեւիչ եւ Մարեք Փաափչուն, մինչ լաւագոյն իրաւարարը` Սզիմոն Մարսինեաք, որ սուլեց 2022-ի Մոնտիալին Ֆրանսա-Արժանթին աւարտական հանգրուանի մրցումը: