Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ «ԵՈՒ. ԷՍ.» Փէյ Տը Քասելին, արձանագրեց 7-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
6-րդ դասակարգին մաս կազմող խումբը գրեթէ ոչինչ յաջողեցաւ կատարել երկրին գործող ախոյեանին դէմ:
Յաղթական կազմէն Քիլիան Էմպափէ դարձաւ իր ակումբին առաջին ֆութպոլիստը, որ պաշտօնական մրցումի մը ընթացքին կը նշանակէ 5 կոլ:
Ան իր փենթա թրիքը իրագործեց 29-րդ, 34-րդ, 40-րդ, 56-րդ եւ 79-րդ վայրկեաններուն, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Նէյմար (33-րդ) եւ Քարլոս Սոլեր (64-րդ):
Նշենք, որ Էմպափէ կատարեց նաեւ կոլային փոխանցում մը: