Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան (Քալչիօ) 2022-2023 տարեշրջանի 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները հասան իրենց աւարտին, երբ Հռոմի մէջ Լացիօ Ռոմա հիւրընկալեց երկրի գործող ախոյեան Ա. Սէ. Միլանը:
Այս մրցումը վերջ գտաւ Մաուրիցիօ Սարրիի գլխաւորած կազմին յաղթանակով, որ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց միլանեան կազմը:
Յաղթական կազմին չորս անպատասխան կոլերը նշանակեցին Սերկէյ Միլինքովիչ-Սաւիչ (4-րդ), Մաթիա Զաքակնի (38-րդ), Լուիս Ալպերթօ (67-րդ` փենալթիով) եւ Ֆելիփէ Անտերսոն (75-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լացիօ Ռոմա բաւական մօտեցաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ա. Սէ. Միլանին (որ ունի 38 կէտ) եւ անկէ այժմ միայն կէտով մը ետ կը մնայ:
Ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը 50 կէտով կը գրաւէ Նափոլի, որ ցարդ կրած է պարտութիւն մը միայն:
Նշենք, որ Լացիօ Ռոմայի նման 37-ական կէտ ունին նաեւ Ինթեր Միլան (4-րդ) եւ Ա. Էս. Ռոմա (5-րդ):
Իսկ 20-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Քրեմոնեզէ միակ խումբն ըլլալով ցարդ յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել:
Նշենք, որ դարձի մրցումները կը սկսին այսօր` ուրբաթ, 27 յունուարին, երբ կը կատարուին երկու մրցումներ:


