Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 14-րդ հանգրուանի վերջին մրցումին, Ռիատի Պէյրութ, որ հիւրը եղաւ Հուփսին, անոր դաշտին վրայ արձանագրեց 76-52 արդիւնքով յաղթանակ մը (22-19, 15-18, 9-19 եւ 6-20):
Այսպիսով, Ռիատի Պէյրութ, որ ցարդ կրած է երկու պարտութիւն, արձանագրեց տարեշրջանի իր 12-րդ յաղթանակը:
Հուփսէն տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ Ժուլիան Սքոթ Ուիլիամս (16 կէտ եւ 11 ռիպաունտ), մինչ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Աթեր Մաժոք (17 կէտ):
Նշենք, որ ցարդ 5 յաղթանակ արձանագրած Հուփս այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր 9-րդ պարտութիւնը: