Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման 4-րդ դիրքին, իսկ այս մրցաշարքին գծով 3-րդ դիրքին վրայ գտնուող յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփաս, որ Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, մրցեցաւ աշխարհի դասաւորման 71-րդ դիրքին վրայ գտնուող չեխ Եիրի Լեհեչքայի դէմ, արձանագրեց 6-3, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Կիսաւարտականին 24 տարեկան Ցիցիփաս պիտի մրցի 26 տարեկան եւ 18-րդ դասուած ռուսահայ Կարէն Խաչանովի դէմ:
Նշենք, որ ախոյեանութեան մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 51,3 միլիոն ամերիկեան տոլար: