Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ինթեր Միլանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իտալացի յետսապահ Մաթէօ Տարմիանի հետ:
33 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը ուժի մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ 2024:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան Ինթերի հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 22 մրցումի, նշանակած 2 կոլ եւ կատարած նոյնքան էսիսթ:
«Թրանսֆերմարքթ», անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 4 միլիոն եւրոյով:


