Հայկական մարզական մամուլը կը տեղեկացնէ, որ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի նախագահ Անթոնիօ Քոնֆլիթ եւ ընդհանուր քարտուղար Միլան Միխայլովիչ այցելեցին Հայաստան եւ հանդիպում ունեցան Եւրոպայի 2023-ի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան կազմակերպչական յանձնախումբի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ յառաջիկայ ապրիլին Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կատարուելիք Եւրոպայի մեծերու ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքը:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, 15-23 ապրիլին. բացումը տեղի պիտի ունենայ 23 ապրիլին:
Նշուեցաւ, որ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան այս ախոյեանութիւնը վարկանշային է` Փարիզ-2024-ի ողիմպիական խաղերուն համար: